About
Ազգային NAIDOC շաբթուայ տօնակատարութիւնները այս շաբաթ կը կայանան ամբողջ Աւստրալիոյ մէջ՝ նշելու եւ ճանչնալու Ապորիճին եւ Թորես Նեղուցի կղզեցիներու պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ձեռքբերումները։ Այս տարուան նիւթն է «Գերազանցութեան յիսուն տարիներ»՝ նշելով NAIDOC շաբթուան աւելի քան հինգ տասնամեակները։