Skip to content
Opens in a new window
Ռաֆֆի Պետիկեան - Կուսակցութիւններու Պատերազմ, Գերմանիոյ Համայնք, Մելգոնեան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72
05 October 2026

Ռաֆֆի Պետիկեան - Կուսակցութիւններու Պատերազմ, Գերմանիոյ Համայնք, Մելգոնեան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72

Եկէք անկեղծ խօսինք

About

🇦🇲Անձնական փոխակերպում. Ինչպէ՞ս Հայաստան այցելութիւնը փոխեց հայեացքները եւ նպաստեց աւելի լայնախոհ ու ազգային մտածողութեան ձեւաւորման։

Ընտանեկան յիշողութիւն եւ ցաւ. «Իմ մայրս փորձած են սպաննել. Անձնական պատմութիւն եւ ընտանեկան վէրքեր։

🇨🇾🇦🇲Մելգոնեան վարժարանի հիմնախնդիրը. Ինչո՞ւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շուրջ բոլոր ջանքերը արդիւնք չտուին, եւ ինչո՞ւ դպրոցին հարցը կը մնայ իբրեւ չբուժուող վէրք։

🧠Կրթութիւն, թէ՞ ելեւմուտք. «Կրթութիւնը դրամով չի չափուիր». ինչո՞ւ հայ մարդը մեր գլխաւոր դրամագլուխն է, եւ ինչո՞ւ սխալ է դպրոցը դիտարկել իբրեւ շահոյթի աղբիւր։

🇩🇪🇦🇲Գերմանիոյ հայ համայնքը. Ինչպէ՞ս կը գնահատուի հայկական կեանքը Գերմանիոյ մէջ, եւ ինչպիսի՞ ներուժ ունին Հայաստանէն եկած հայրենակիցները։

🌐🇦🇲Սփիւռք-Հայրենիք կամուրջներ. Ինչպէ՞ս ստեղծել երկխօսութիւն, ներգրաւել Սփիւռքի ներուժը եւ չմերժել զիրար՝ ի նպաստ Հայաստանի գերագոյն շահերուն։

🇦🇲🇹🇷Տնտեսական հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ. Արդեօք կա՞յ թրքական ու ատրպէյճանական դրամագլուխի ազդեցութեան վախ, եւ ի՞նչ տնտեսական օգուտներ կրնայ բերել սահմաններու եւ շրջափակումներու բացումը։

⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ զրուցած ենք գերմանաբնակ բժիշկ, համայնքային գործիչ Ռաֆֆի Պետիկեանի հետ։