Հայր Վահան Օհանեան - Մխիթարեան Միաբանութիւն, Նուիրուիլ Աստծոյ, Հաւատք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #71
Եկէք անկեղծ խօսինք
🇻🇦Մխիթարեան միաբանութեան ուղին. Ինչպէ՞ս 13 տարեկանէն կ՚ընտրեն այս ուղին, եւ ինչպէ՞ս ձեւաւորուած են միաբանութեան աւանդոյթները։
🤲Աստուծոյ ընտրութիւնը. «Ո՛չ թէ ես ընտրեցի, այլ Քրիստոս զիս ընտրեց»․ ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուի հոգեւոր կոչումը։
Մխիթար Սեբաստացիի աննախադէպ վաստակը. Ինչպէ՞ս Մխիթար Աբբահայրը իր կենդանութեան օրոք հրատարակեց 52 հսկայական հատորներ, որոնք հիմք դրին ժամանակակից հայագիտութեան։
📖Մխիթարագիտութեան անհայտ էջերը. Ինչո՞ւ այսօր քիչ գիտենք Մխիթարեան միաբաններու հսկայական գրական ու գիտական ժառանգութեան մասին, եւ ինչպէ՞ս պէտք է վերարժէւորել զայն։
Սեւանայ կղզիի տեսիլքը. Ինչպէ՞ս Մխիթար Սեբաստացիի Սեւանայ կղզիին վրայ տեսած տեսիլքը դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնաքարը, որով կը շարունակեն ապրիլ մինչեւ այսօր։
Ո՞վ է հայու զաւակը. «Ով որ հայու զաւակ է, մեզի համար հարազատ է»․ միաբանութեան հիմնական սկզբունքները։
Զաւակը Աստուծոյ նուիրելու գաղափարը. Ինչո՞ւ այսօր նուազած է զաւակները հոգեւոր ծառայութեան նուիրելու մշակոյթը Հայաստանի եւ Եւրոպայի մէջ։
⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ի տաղաւարէն ներս զրուցած ենք Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հայր Վահան ծ. վրդ. Օհանեանի հետ։